Ոչ եւս է համշէնի ուսումնասիրութիւններով ծանօթ ազգագրագէտ, խմբագիր Սերկէյ Վարդանեանը։ Agos
Agos sayfasından alınan bilgilere göre, Ankara24.com açıklama yapıyor.
Սերկէյ Վարդանեան տասնամեակներ շարունակ որոնեց համշէնցիներու մշակոյթը, պատմութիւնը եւ մանաւանդ բարբառը։Վարդանեանի մահով լռեց նաեւ իր իսկ հիմնած եւ երկար տարիներ խմբագրած «Ձայն Համշենական» պարբերականը։
Սերկէյ Վարդանեան տասնամեակներ շարունակ որոնեց համշէնցիներու մշակոյթը, պատմութիւնը եւ մանաւանդ բարբառը։ Ան այս որոնումներով ճամբորդեց զանազան երկիրներ, ուր մերթ իրենց կամքով, մերթ ալ բռնի պարտադրանքով բնակութիւն հաստատած են համշէնցիները։ Անոնք ծագումով հայեր են, որ իրենց ցեղապետի՝ Համամ Ամատունիի առաջնորդութեամբ հաստատուած են Սեւ Ծովեայ Խաչքար լեռներու ստորոտները, հպատակելով Օսմանեան եւ Ռուսական կայսրութիւններուն։ Պայմաններու բերումով մօտ երեք դարեր առաջ ընդունած են իսլամադաւան կրօնը, բայց առտնի գործածութեամբ պահած մայրենի լեզուն։ Ռուսական հատուածի մէջ բնակող համշէնցիներու կարեւոր մէկ մասը քրիստոնեայ են։ Իսկ անոնցմէ իսլամադաւանները Բ. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն բռնի կերպով աքսորուած են կեդրոնական Ասիայի երկիրներ։
Սերկէյ Վարդանեան համշէնցիներու բոլոր բեկորները ուսումնասիրած գիտնական մըն էր եւ այդ աշխատանքներու ծիրէն ներս այցելած էր նաեւ Թուրքիա։ Այստեղ եւս հանդիպած էր համշէնցիներու, որոնց հետ շրջած էր նաեւ Խաչքարի լեռնադաշտերը։ Այս այցելութիւնը առիթ ընծայեց, որ ան մտերմանայ «Ակօս»ի անձնակազմին, յատկապէս հայերէն էջերու նախկին աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեանի հետ։ Իր կորուստով սուգի մատնուած են համշէնցիք, համշէնահայերը եւ «Ակօս»ի անձնակազմը։
Görüntülenme:73
Bu haber kaynaktan arşivlenmiştir 12 Ekim 2025 23:40 kaynağından arşivlendi



Giriş yap
Haberler
Türkiye'de Hava durumu
Türkiye'de Manyetik fırtınalar
Türkiye'de Namaz vakti
Türkiye'de Değerli metaller
Türkiye'de Döviz çevirici
Türkiye'de Kredi hesaplayıcı
Türkiye'de Kripto para
Türkiye'de Burçlar
Türkiye'de Soru - Cevap
İnternet hızını test et
Türkiye Radyosu
Türkiye televizyonu
Hakkımızda
İletişim








En çok okunanlar



















