Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան նախագահ Էօզկիւր Էօզէլ 23,5 Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայրը այցելեց Agos
Agos sayfasından alınan verilere göre, Ankara24.com bilgi veriyor.
Էօզկիւր Էօզէլ 23,5 Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայրը այցելեց եւ Տինք ընտանիքին հետ հանդիպեցաւ:
Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան նախագահ Էօզկիւր Էօզէլ, երեսփոխան Սէզկին Թանրըքուլու, կուսակցութեան Պոլսոյ բաժինի նախագահ Էօզկիւր Չէլիք, կուսակցութեան փող նախագահ Կէօքչէ Կէօքչէն եւ կուսակցութեան խորհրդարանի անդամ Պարան Սէյհան 23,5 Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայրը այցելեցին։ Էօզէլի Հրանդ Տինքի կինը Ռաքէլ Տինք, եւ զաւակները Արատ եւ Տելալ Տինք հիւրասիրեցին։
Էօզէլը պտըտեցաւ 23,5 Հրանդ Տինքի անուան Յիշողութեան Վայրը, որ եղած է «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին գրասենեակը, զրուցեց Տինք ընտանիքին եւ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեանի հետ Հրանդ Տինքի հին գրասենեակը, որ նոյն կերպով պահպանուած եւ յիշողութեան վայր դարձած է։
Էօզէլը այցելութեան ատեն նշեց որ պակաս մնացած է քրտական ազատագրական շարժումի եւ թրքական կառավարութեան միջեւ սկսած «Առանց Ահաբեկչութեան Թուրքիա» ընթացքին ժողովրդավարական կողմը։ Էօզէլ յայտնեց թէ կը զօրակցին նոր Թուրքիա - Հայաստան յարաբերութեան գործընթացին։
Էօզէլ այցելութեան վերջաւորութեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրասիրութեան համար Տինք ընտանիքին։
Görüntülenme:86
Bu haber kaynaktan arşivlenmiştir 21 Kasım 2025 14:11 kaynağından arşivlendi



Giriş yap
Haberler
Türkiye'de Hava durumu
Türkiye'de Manyetik fırtınalar
Türkiye'de Namaz vakti
Türkiye'de Değerli metaller
Türkiye'de Döviz çevirici
Türkiye'de Kredi hesaplayıcı
Türkiye'de Kripto para
Türkiye'de Burçlar
Türkiye'de Soru - Cevap
İnternet hızını test et
Türkiye Radyosu
Türkiye televizyonu
Hakkımızda
İletişim








En çok okunanlar



















